2016-12-06 11:02:00

Խաղաղութեան ի սպաս Բարթողոմէոս Պատրիարքին կոչը` Պարի քաղաքին մէջ


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 5 դեկտեմբերին, Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական  Բարթողոմէոս Ա Պատրիարքը,  Իտալիոյ Պարի քաղաքի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ կատարեց վարդապետական  դասախօսութիւն մը,  որուն ընթացքին  զօրաւոր կոչ  ուղղեց Եւրոպական Միութեան` միջերկրական երկիրներու մէջ խաղաղութեան ի խնդիր։

Նշենք, թէ նոյն օրը համամիութենական Պատրիարքը մեծարուեցաւ  Սուրբ Նիկողայպսի շքանշանով, Իտալիոյ Փուլիա մարզի Պարի քաղաքին մէջ Աստուածաբանական  համալսարանական  բաժանմունքին բացման արարողութեան առիթով։  Խաղաղութեան ի սպաս կոչին մէջ Բարթողիմէոս Պատրարիքը ըսաւ. ՝՝Եթէ բոլոր հետաքրքրուած անձերը քաջութեամբ  ընդունին,  արդարադատութիւնը, ազատութիւնը եւ ճշմարտութիւնը որպէս խաղաղութեան սիւներ, եւ եթէ կրօնները գիտնան ստեղծել անհատներու, ժողովուրդներու, մշակոյթներուն  միջեւ կամուրջներ, ուրեմն՝ այն ժամանակն է որ պիտի կարենանք  դարձեալ ըլլալ ,մարդկութեան համար յոյսի նշան։ Լոկ՝ այս ձեւով է որ, Ատրիաթիք եւ միջերկրական  մեր ծովերը,  ինչպէս նաեւ այլ ծովերու ափերը պիտի դառնան,  բոլորին համար հաղորդութեան վայրեր՝՝։

Բարթողոմէոս Ա ապա՝ կոչ ուղղեց Եւրոպական Միութեան, գաղթականներուն շտապ օգնութեան  համար,  որուն մէջ նկատել տուաւ, թէ միջերկրական ծովը դժբախտաբար դարձած է,  աւելի լաւ կեանք երազող անթիւ եղբայրներու եւ քոյրերու գերեզմանոց։ Ան յորդորեց  որ ազգերու միջեւ արդարադատութիւնը­  գերիշխէ համաշխարհային տնտեսական շահերուն եւ համաշխարհայնացումի վրայ եւ խօսքը աւարտեց յիշելով իր ՝՝Սուրբ Եղբայրը՝՝  Ֆրանչիսկոս Պապը, անոր ուղարկելով ՝՝Խաղաղութեան Համբոյրը՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.